2016-05-15 12:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապին` Հոգեգալուստի տօնին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 15 Մայիս 2016-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ  Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ օրուան` Պենտեկոստէի տօնին, որ Քրիստոսի յարութենէն յիսուն օրեր ետք կ՛եզրափակէ Զատկական ծիսական շրջանը։ Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա  Յիսուսին` աշակերտներուն տուած խոստումին ու հրաւիրեց բանալ մեր մտքերն ու սրտերը ընկալելու համար Սուրբ Հոգւոյ պարգեւը։ ''Յիսուս վերջին ընթրիքի պահուն արդարեւ ըսած էր ''Եթէ կը սիրէք զիս պատուիրաններս կը պահէք եւ ես պիտի աղաչեմ Հօրս որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի'' (Յովհ. 14, 15-16)։

 

Այս խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն թէ անձի մը նկատմամբ սէրը չի ցուցաբերուիր խօսքով այլ գործնականապէս, ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ քրիստոնեայ ըլլալ չի նշանակեր պատկանիլ մշակոյթի մը կամ մաս կազմել մէկ վարդապետութեան այլ մեր կեանքը զօդել Յիսուսի անձին ու Անոր միջոցաւ Հօր Աստուծոյ։

Ասոր համար է որ Յիսուս կը խոստանայ Սուրբ Հոգւոյն պարգեւը որովհետեւ ճիշդ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ` որ է Հօր եւ Որդւոյն միացնող Սէրը եւ կը բխի անոնցմէ, ամէնքս կրնանք ապրիլ Յիսուսին նոյն կեանքը։ Հոգին Սուրբ մեզի կը սորվեցնէ ամէն ինչ եւ ամենէն առաջ սիրել այնպէս ինչպէս կը սիրէ Աստուած։

Յիսուս Սուրբ Հոգին կը ներկայացնէ որպէս Մխիթարիչ, այսինքն սփոփող, փաստաբան, միջնորդ, ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ Սուրբ Հոգին նաեւ կը դաստիարակէ եւ կը յիշեցնէ։ Ան մեր սրտերը կը պատրաստէ որպէսզի կարող ըլլան ընդունիլ Տիրոջ խօսքերն ու վկայութիւնները։

Միասնաբար աղօթենք ուրեմն ''Ողջ լեր Թագուհի'' աղօթքը հայցելով Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի համար ընդունի շնորհքը ոգեւորուելու Սուրբ Հոգիով վկայելու համար Քրիստոսը` աւետարանի անկեղծութեամբ ու բացուելու Անոր սիրոյն լիութեան, հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ եւ արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւացեալներուն ակնարկելով այսօր` հրատարակուած Միսիոներական համաշխարհային օրուայ պատգամին եւ հայցելով որ Սուրբ Հոգին բոլոր միսիոնարներուն պարգեւէ ուժ եւ թիկունք կանգնի Եկեղեցւոյ առաքելութեան։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած զանազան խումբերը եւ հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.